ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ Daniel Varujan Даниел Варужан
ԱՆՄԱՀ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ
1884-1915
Դանիէլ Վարուժանը կը գրէ իր ընկերոջ՝ Մայէսին «Սիրելի Փիէր, արդէն երկու տարի է ինչ ամուսնացած եմ: Կնոջս անունն է Արաքսիա, գեղանի խարտեաշուհի մը, զոր կը սիրեմ ռոմանթիկ սիրով: Աւելին. ունիմ մէկ տարեկան աղջնակ մը, որ օժտուած է վաղահաս իմաստութեամբ: Ան արդէն գիտէ, «հայրիկ» ըսել եւ այդ բառը զիս կը լեցնէ անպատում հրճուանքով: Ես իրեն ձօնած եմ բանաստեղծութիւն մը. «Վարուժնակիս» վերնագրով»:
Վարուժնակիս
Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունիս,
Որ սրտիս վրայ բացուեցար: …
Արեւ մը նոր, շողերուն հետ աչքերուդ,
Շեմիս վրայ ցաթեցաւ: …
Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունիս,
Եկո՜ւր նստէ՛ ծունկերուս: …
Շղթայէ՛ վիզս այդ թեւերովդ քնքոյշ
Նման ծաղկէ մանեակի:
Ժպտէ՛ ինծի, որ ցուրտ անդունդը սրտիս
Արշալոյսով բռնկի:
Խօսէ՛ ինծի, անծանօթ խօսքը, զոր դուն
Երկինքէն հետդ բերիր: …
Սէրս մեռած՝ պիտի առնէ յարութիւն
Ու պիտ’ ապրի քեզ համար: …
Եւ մազիդ մէկ թելը բա՜ւ է կապելու
Տիեզերքին հետ՝ հոգիս:
Վարուժնա՜կդ իմ, իմ փափկասո՜ւն Դիցուհիս,
Ո՜վ քնարէ դու հոգեակ: …
Բիբերդ թող սրսկեն աստղերն երկնքին
Իմ խորշոմած ճակատիս: …
Զի ես անդո՜ւնդն եմ՝ որ կ’ըլլայ երջանիկ
Փոսուռայի մը լոյսով.
Անապա՜տն եմ, որ երկինքին կը ժպտի
Իր ծլարձակ մէ՜կ բոյսով։
Դանիէլ Վարուժան Daniel Varujan Даниел Варужан
«Լեզուին կենդանութիւն տալու համար պէտք է վերադառնալ հողին, սեփական հողին: Լեզուն իր հիւթը կ’առնէ հողէն, ինչպէս ծառը»:
«Բայց հայը պիտի ապրի՜ հակառակ իր դահիճներուն: Հայը պիտի ապրի՜ ժողովուրդներու սիրազօդ շղթային մէկ ոսկի օղակն ըլլալու համար: Այս է մեր բոլորիս յոյսը…»:
«Ցեղին հոգին արիւն կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր տաք մոխիրի պէս կը թափի գլխիս եւ սրտիս վրայ: 1904-1905ին, երբ հայութիւնը կը խեղդուէր սուրի եւ սովի մղձաւանջին մէջ, նախընտրեցի երգել ցեղին սիրտը, որուն բախիւնները կը զգայի իմ մէջս, իմ սեփական արիւնիս խորը: Հայութիւնը կու լար ու կը մռնչէր մէջս»:
«Պէտք է մեր սրտին նշխարները՝ որոնք երեք միլիոն ժողովրդին մէջ բաժնուած են՝ հաւաքել, կեդրոնացնել մէկ կուրծքի տակ եւ զգալ իր սեփական կեանքը, գոնէ նուազ ժամանակուան մը համար՝ ի սէր արուեստին, ի սէր կեանքի երգին: Որքա՜ ն պիտի ուզէի մարդ էակին գիրքը գրել»:
«Ամենասրիկայ մուրճը այն մուրճն է, որ գեղարուեստի տունը կը քանդէ: Անիծեալ է այդ մուրճը եւ օր մը իրենց գլխուն պիտի զարնեն զայն: Մենք մեր կամքի մուրճով նոր բեմ, նոր գեղարուեստի տուն կը շինենք եւ ոչ մէկ մուրճ պիտի չհամարձակի անոր մօտենալու»:
«… Մայր ըլլալ եւ բանաստեղծ ըլլալ միեւնոյն բանն է՝ երկուքն ալ արիւնով կը բաժնուին եւ կ’անմահանան ուրիշ էակներու մէջ. մին կ’ապրի տասնի մէջ, իսկ միւսը կ’ապրի միլիոններու մէջե:,… Անհատները կրնան ուծացուիլ, նժդեհութեան, սրածութեան մատնուիլ, բայց երբ հաստատուն պահուած է սիրտերու մէջ տառերուն բեւեռը, լեզուին անզիջելի ճառագայթը, կը բաւէ այդ ճառագայթը իրար բերելու, իրարու միացնելու համար անհատները՝ իբրեւ ժողովուրդ, ժողովուրդը իբրեւ ազգ, ազգը իբրեւ հայականութիւն»:
«Բանաստեղծի կոչումն է մասնակիէն հասնիլ ընդհանրականին, չնչին համարուած կամ աննկատ թողուած բաները յայտնաբերել գեղեցկութեան լոյսին մէջ, տալ խօսքին համապատասխան երաժշտականութիւն, մտքին՝ նոր ու խոր ըմբռնումներ, երեւակայութեան՝ նոր ու աւելի պայծառ, աւելի լայնարձակ հորիզոններ ու մարդկային սրտի բաբախումները ներդաշնակել տիեզերքի տրոփիւնին հետ»:
«Ինձ համար բառերը ապրող էակներ են, ունին իրենց որոշ դիմագիծը, արժէքը ու մանաւանդ խորհրդաւոր խնամութիւնները: Իմ մեծագոյն մտահոգութիւնը զանոնք ճիշդ զետեղելն է: Մեր պարտականութիւնն է արտայայտիչ դարձնել անոնց թաքուն գեղեցկութիւններն ու արժէքը…»:
«Մեր դարաւոր արմատը Հայ գիւղացին է: Լոյս տանինք գիւղին, որ յոյս հնձենք»:
Դանիէլ Վարուժան Daniel Varujan Даниел Варужан
ՆԱՄԱԿՆԵՐԷՆ…
***
ԹԷՈԴԻԿԻՆ
1 Նոյեմբեր 1908, Կանտ
Համոզուած եմ թէ ժողովուրդին ինքզինքնիս յիշատակ տալէ առաջ նախ պէտք է ինքզինքնիս զոհ տանք, Վահագնի՛ բագնին վրայ՝ թէ քնարի, ատիկա նոյնն է: Իսկ իմ քերթուածներս, ո՛վ հեգնութիւն, երբ անդին Ալիշանի եւ Աբովեանի պէս հանճարներ կ՚աշտարակուին վիթխարիօրէն:
Գալով ինքնակենսագրականի մը՝ զոր կը փափաքիք եղեր՝ ի՞ նչ կարող եմ գրել այդ մասին՝ երբ դեռ բեղնաւոր կեանք մը ապրած չեմ: Այսքանով գոհ կ՚ըլլա՞ք երբ ըսեմ թէ ծնած եմ 1884ին Սեբաստիոյ մօտ Բրգնիկ գիւղը՝ ուր աճած է մանկութիւնս, ուռենիներուն տխուր հովանիներուն տակ երազկոտ, կամ գետեզերքներուն վրայ բադերուն քարեր նետելով անառակօրէն: Դեռ հազիւ ես թիթեռնիկներ որսալու հասակին մէջ՝ հայրս պանդխտած է Պոլիս եւ մայրս ձմեռնային երկար երեկոները՝ թոնրատունը նստած՝ երեւակայութիւնս օրօրած է ենիչերիներու եւ գայլերու պատմութիւններով, երբ Մէյրէզումի հովը կու գար բուխերիկին մէջ մերթ դեւի ձագի մը նման լալ:
Գիւղին դպրոցը հազիւ սկսած եմ ժամագիրքը կարդալ սորվիլ՝ զիս տարած են Պոլիս 1896ի Կոտորածի օրերուն, ուր հայրս արեան սարսափին մէջ փնտռելէ յուսահատ՝ գտած եմ բանտին մէջ այն տխուր օրերուն ստօրէն ամբաստանուած:Երկու տարի յաճախած եմ Սագըզ Աղաճիի Մխիթարեան դպրոցը, յետոյ Քաղկեդոնի վարժարանը՝ ուր երկար ատեն պատանեկութիւնս երազած է ընդմէջ Մօտայի ծովակին եւ Դուրեանի ոսկրներուն յԻւսկիւտար: Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավեար Խանը, հայ պանդուխտներուն հառաչանքներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր:
Հ. Արիստ. Քասգանտիլեան որ նոյն ատեն տեսուչ եղած է Քաղկեդոնի վարժարանին, առաջնորդած է մանկական նախափորձերս՝ սրբագրելով սիրահարական ոտանաւորներս եւ յետոյ (1902ին) ուղարկած է զիս Վենետիկ, Մուրատ Ռափայէլեան, բարեւելու համար իր տեղը Ալիշանի նուիրական աճիւնը: Մ. Ռափայէլեանի մէջ է որ ճանչցած եմ յեղափոխութեան ոգին, կարդալով Ժ.Ժ. Ռուսօն, Թոլստօն եւ ,Դրօշակըե՝ հազարումէկ դժուարութեամբ: Եւ հիմա ահաւասիկ երեք տարի է Պէլճիքա Կանտի համալսարանն եմ եւ կ՚ուսանիմ ,Քաղաքական եւ Ընկերական Գիտութիւններեը: Երկու միջավայր ազդած են վրաս.Վենետիկը իր Թիցիանոյով եւ Ֆլանտրը իր Վան-Տիգներով: Առջինին գոյները եւ վերջնոյն բարբարոս իրապաշտութիւնը յօրինած են վրձինս՝ զոր սնափառութիւնն ունիմ թաթխած ըլլալու միմիայն հայրենի հողին որդան կարմիրին մէջ եւ իր ծովածուփ արեանը: Իսկ բաղձանքս եթէ կ՚ուզէք, — բաղձանքս է ապագային մարդերուն նուիրել այնպիսի հզօր երգ մը՝ որ Հայրենիքը ինծի պէս արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ:
Ահա ի՛ նչ որ համառօտ կերպով կարելի էր ըսել։
***
ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆԻՆ
11-17 Նոյեմբեր 1908, Կանտ
Եկող տարի` վստահ չեմ, բայց յաջորդ տարի կը տեսնուինք: Անպատճառ ամբողջ Հայաստանը պէտք է տեսնել: Կ՚ուզեմ համբուրել բոլոր այն տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց: Մենք այնքան մեծ ենք` որքան որ հողէն կը խմենք մեր զգացումները: Ամէն ինչ հոդ է: Դէպի մեր պապերուն: Որ է` դէպի աստուածները: Ա՜խ Դերենիկ, Մեծն Տիգրանի վրայ ի՜ նչ հոյակապ դիւցազներգութիւն մը կը գրուի, բայց կարելի չէ առանց Հայաստանը տեսնելու: Պէտք է տեսնել այն ժայռերը, զոր մեր պապերը կը գործածէին իբրեւ պարսատիկի քար: Պէտք է տեսնել այն յաղթ կաղնիները, զոր կը վառէին առանց արմատախիլ ընելու եւ անոնց լոյսին ներքեւ նստած իրենց հերոսական յաղթութեան մեծ տօնը կը տօնէին:
Դե՛հ, Դերենիկ, Երզնկան շարունակեցէք ծաղկեցնել`բոլոր երիտասարդներդ միացած: Պիտի սկսիմ դրամ շահիլ կ՚ըսես, դու դրամ շահէ եւ թո՛ղ որ տեղւոյն տղաքն ալ քեզմէ լոյս շահին: Չմոռնաս անկիւնը լուսաւորել, մի ́ վախնար, անկեան լոյսը իր կարգին ամբողջ սրահը կ՚երթայ լուսաւորել:
***
ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆԻՆ
5 Հոկտեմբեր 1910, Սվազ
Շատ ուրախացայ` լսելով, որ նորէն Եւրոպա ոտք կոխեցիր: Այդ տեղ նոյնիսկ տառապիս ալ` տառապանքը կը բարձրացնէ զքեզ, իսկ հոս գաւառը. ո՜հ, Դերենիկ այստեղ բանաստեղծի տեղ չէ: Հայրենիքն անուշ է, այո՛, բայց մեր հայրենակիցները գռեհկացած են լուծին տակ, ո՛ւր մնաց դասական հայութիւնը. աւերակներու աճիւններուն մէջ փնտռելու է զանոնք:
***
ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊԻՆ
24 Հոկտեմբեր 1910, Սվազ
Ամուսնութեանս մասին գուշակութիւններդ եւ ենթադրութիւններդ արդէն կատարուած են: Նարօտը կապեցի գլուխիս, սակայն ազատ են թռիչներս: Ես իբրեւ իրապաշտ սիրեցի բնականոն եւ ընտանեկան կեանքը եւ նախընտրեցի զայն ամուրիի անրջական խարխափանքներէն:
***
Վարուժանի յիշատակման ձեռնարկը պատրաստեցին Կեդրոնականի տնօրէնութիւնը եւ հայերէնի ուսուցչաց կազմը՝ Արաս Սարըչօպան ‘03 / Արարատ Շէքէրեան ‘05 Լիզէթ Պայրամ Էրէն ‘05 / Նաթալի Պաղտատ Թուրաչ ‘97Սիլվա Գույումճեան / Տիանա Պուլտուք Եանարտաղ‘99 / ԱՂԲՅՈՒՐ՝ Դանիէլ Վարուժան
Կենսագրություն՝ Դանիել Վարուժան
Այստեղ՝ Դանիէլ Վարուժան
Տես նաև՝ Չանցնիր այն ճրագն՝ զոր կամքը վառեց։ Դանիել Վարուժան