ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

Լիբանանահայ թատերագիր Սեդրակ էսմերեան ծնած է 1914-ին։ Իր հայրենակիցներուն նման ճաշակելէ յետոյ տարագրութեան դաունութիւնները ընատանեօք կը հաստատուի Պէյրութզ։ «Մանկութիւն չունեցող» սերունդէն էր ան, բայց իր սերնդակիցներէն շատ-շատերուն հակառակ, ան լաւատեսութեամբ կը նայէր կեանքին, նոյնիսկ ամենամռայլ օրերուն։
Փոքր տարիքէն սէր կը

ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

ցուցաբերէ երաժշտութեան ու թատրոնին հանդէպ։ Երիտասարդութեան շեմը հազիւ հասած, դերեր կը վերցնէ ժամանակի հայկական թատերախումբերուն մէջ եւ մաս կը կազմէ հայկական նուագախումբերու, ինչպէս «Սայեաթ Նովա» նուագախումբը։
Իր առաջին թատերախաղը եղած է «Ալեքսան Էֆենտի»ն, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբ, հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Թաթուլ Այնէճեան, 1962։
Կա՛մ ինք անձամբ ներկայացուցած է եւ կա՛մ ալ իր գործերէն ներկայացուած են հետեւեալները.

-«Մատնիչը», հեղինակ Արմէն Շիտանեան, բեմականացում եւ բեմադրութիւն՝ Սեդրակ Էսմերեանի, 1961։
-«Սիամանթօ եւ Խչեզարէ», հեղինակ՝ Յովհաննէս Շիրազ, բեմականացում եւ բեմադրութիւն Սեդրակ էսմերեանի, 1962։
-«Արամչէնի Զատիկը», հեղինակ եւ բեմադրիչ Սեդրակ Էսմերեան, 1965, Նահր  Էլ-Քէլպի Փառատօն, մասնակցութեամբ 150 արուեստագէտներու։
-«Հայ մօր կամքը», հեղինակ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովաննէս Հելվաճեան, 1979 եւ 1988։
-«Ամերիկա-Ամերիկա», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Մուշեղ Մուղալեան,1982։
-«Պատերազմը Վերջացա՞ւ», հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ  Յովհաննէս Հելվաճեան, 1984։
-«Խամաճիկներու Օփերան», հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ Մուշեղ Մուղալեան, 1984։
-«Ռոմէօ Ժիւլիէթ», հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յարութ Սողոմոնեան, 1985։
-«Ռոմէօ Ժիւլիէթ» (արաբերէն թարգմանութեամբ), հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան, գլխաւոր դերակատարութիւն՝ Ջոզեֆ Նանօ, 1986։
-«Տոլարերգութիւն» (հատուած՜ մը «Պուրճ Համմուտ 78+8» ներկայացման մէջ), հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան, 1987։
-«Մէկ Հարսնցու, Երեք Թեկնածու», հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ՝ Օննիկ Գանթարճեան, 1987։
-«Ամուրիներու Միութեան ժողով», հեղինակ՝ Սեդրակ էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1987։
-Ռատիօ սքէչներ, 1977, «Լիբանանի Ձայն» ռատիօկայանէն, թիւով 14 հատ, մասնակցողներ՝ Անահիտ Պատագեան, Ժիրայր Խաչերեան, Արա Գայայեան, ՎաՀան Ճանսըզեան եւ Մարտօ Գալուստեան։
«Ռատիօ Փարատայզ»էն 22 սքէչներ, «Սայեաթ Նովա» թատերախումբով, ռատիօ բեմադրութեամբ Յարութ Սողոմոնեանի, 1984-1985։
-Չորս երգախառն սքէչներ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռէն, «Սայեաթ Նովա» խումբով, 1974։
— Չբեմադրուած թատերախաղեր. «Արագածի Հերոսներ», 1978. «Սէրը Աշնան Մէջ», վիպակ, 1983. «Նա խաճաշ Լուսնի Տակ», 1984։ «Ամուսնութիւն Լիբանանեան Ձեւով», արաբախառն, 1984։ «Համբարը Հայաստան Պիտի Երթայ», 1987։
-Հրատարակած է «Առակներ» գիրքը, Թանգեան «Ուրարաու» հրատարակութիւն, տպ. «Հայկ», Պէյրութ,
1963 եւ «Ամերիկա Երթալ Կ՝ուզեմ» գիրքը (մեքենագիր), Պէյրութ, 1980։
Ունի յիսունէ աւելի երգեր, որոնց մէկ մասը գրած եւ յօրինած՝ է ժողովրդային կամ էստրադային ոճով (*)։

(*) Հեղինակին գործերուն ցուցակը վերցուցած ենք «Կոմիաաս» թատերախումբի վերջին ներկայացման տեղեկաաու, գրքոյկին մէջ լոյս տեսած՝ Յովհաննէս Հելվաճեանի հեղինակած «Սեդրակ Էսմերեանի Թատերական Վասաակը» գրու֊թենէն, 1991։

Սեդրակ Էսմերեան յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ շատ սիրուած էր։ Խանդավառուած էր «Սփիւռք»ի վերահրատարակումով (Յունուար 1990) ու անկեղծօրէն կը գնահատէր թերթիս բերան թարմ շունչը։
Միշտ կարելի էր զայն տեսնել երաժշտական ձայներիզներու Պուրճ Համմուտի իր խանութին մէջ, սեղանին ետին, օրուան հայկական մամուլը ընթերցելու, բարեկամներու հետ խօսակցելու, իր թատրերգութիւններուն վրայ աշխատելու կամ երիտասարդներով շրջապատուած՝ մէկ-երկու գաւաթ օղի կոնծելու ժամանակ։ Լիբանանի 1975-1990 թուականներու պատերազմի ռմբակոծութեանց օրերուն, ան կը շարունակէր կրկնել «ես երջանիկ եմ» ու կը բաշխէր իր անմոռանալի ժպիտը։
Սեդրակ Էսմերեանի թատրերգութիւններն ու կեանքը կը յատկանշուին ամենէն առաջ իրենց պարզութեամբ, ժողովրդայնութեամբ, անկեղծութեամբ ու մանաւանդ՝ յանդգնութեամբ։ Ուշի ուշով կը հետեւԷր ժողովուրդի նիստուկացին, վարքուբարքին, խօսակցութեան եւ վարպետօրէն կ՛որսար մանրուք թուացող շատ կէտեր՝ զանոնք իր թատրերգութիւններուն միջոցով ժողովուրդին վերադարձնելու համար, արժանաւորապէս գովելով դրական յատկանիշները ու անխնայօրէն խարազանելով ժխտական կողմերը։ Իր յանդգնութիւնը ընդհանրապէս հաճելի չէր թուեր «աղա» ներուն, որոնք իր կծու երգիծանքին գլխաւոր թիրախներն էին։ Այս պատճառով, մենատիրական ծանօթ կողմին «աղա»ները առ այսօր արգիլած են բեմ հանուիլը իր կարգ մը թատրերգութեանց որոշ մասերուն , իսկ ուրիշներու բեմադրութիւնը կտրականապէս արգիլած են։ Վերջիններուս շարքին է «Նախաճաշ Լուսնի Տակ»ը, որ նուիրուած է հայկական արդի ազատագրական զինեալ պայքարի անձնազոհ երիտասարդներուն։ Հեղինակը միշտ կը հետեւէր Հայասաանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի եւ Հայկական Ժողովրդային Շարժումի ռատիոկայաններուն, մամուլին ու հաղորդագրութիւններուն, որուն արգասիքն է «Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատրերգութիւնը։
Սեդրակ Էսմերեան, յառաջացած տարիքին մէջ իսկ համակ եռանդ էր։ Ունէր բազմաթիւ ծրագիրներ։ Մտադրած էր «Կոմիաաս» թատերախումբին հետ ներկայացումներ տալ կիպրահայ գաղութին մէջ։ Իր երազանքին կեդրոնն էր Հայրենիք այցելութիւնը ու Հայրենական բեմին վրայ բեմա կանացումը մասնաւորաբար «Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատրերգութեան։
Աւա՜ղ, անաւարտ մնացին անոր ծրագիրները։ «Կոմիաաս» թատերախումբին ներկայացուցած «Ռէտիօ Պէյրութ» եւ «Նշանածս Ամերիկացի է»մէկ արարնոց երկու կատակերգութեանց միացեալ ներկայացումը եղաւ անոր կարապի երգը։ Այս երկու թատրերգութիւններուն մէջ Սեդրակ էսմերեան լաւագոյնս յաջողած էր Միջին Արեւելքէն արտագաղթի ու Արեւմուտքի մէջ հայապահպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը պատկերել երգիծանքի միջոցով։ Արտագագթին կատաղի հակառակորդ մը ըլլալով, Էսմերեան չէր վարանած ամենախիստ ածականներ գործածելու («ամերիկացի է, ուրեմն նշանաւոր ապուշ է», «հիմա ալ այս ամերիկացի հայվանը գտար »,…)։ Կը քննադատէր նաեւ ամերիկահայութեան կեցուածքը լիբանանահայութեան հանդէպ («Դուք Արեւելքի աղբանոցին մէջ»):
Առանց չափազանցութեան, Սեդրակ Էսմերեան մեր ժամանակներու Յակոբ Պարոնեանն էր։ Ու ան ապրեցաւ մեծ երգիծաբանին նման թշուառ, եւ հալածական, բայց, անոր նման, չկքեցա՛ւ ահագին ճնշումներուն տակ։ Եւ պատահական չէ երբեք, որ «Յակոբ Պարոնեան Պուրճ Համմուտի Մէջ» կատակերգութեան հերոսը անդրաշխարհէն Պուրճ Համմուտ յայտնուած ու հոն տիրող հայկական նեխած կեանքէն խուճապահար փախուստ տուող, քիչ մը մարմնեղ, ֆէսով ու պեխով Յակոբ Պարոնեանը ուրիշ մէկր չէր, եթէ ոչ նոյն ինքն նիհարակազմ, անֆէս ու անպեխ Սեդրակ էսմերեանը։
5 Դեկտեմբեր 1990-ին ան վերջնականապէս «փախուստ տուաւ» Պուրճ Համմուտէն ու … կեանքէն։
Չկայ այսօր Սեդրակ էսմերեանը, բայց կա՛յ ու կը մնա՛յ անոր յիշատկը, որու առջեւ կը խոնարհինք։
Կը հաւատանք, թէ Սեդրակ Էսմերեան, ողջութեանը այդքան հարուածուած ու հալածուած, իր ճի՛շդ գնահատումին պիտի արժանանայ յետմահու, ինչպիսին է հայութեան ամօթաբեր սովորութիւնը՝ չնչին բացառութիւններով։
«ՍՓԻՒՌՔ»
«Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատերախաղի մեր մօտ լուսապաաճենահանուած վիճակով գտնուող շարադրանքին մէջ կարգ մը բառեր եւ տողեր անյստակ կամ անյայտացած Էին, ամբողջացման աշխատանքը կատարեց պատմաբան եւ ազատ լրագրող 1. Գէորգ Եազըճեան, 2․ Գևորգ Յազըճյան

«Սփիւռք»
ԿԱՐԴԱՑԵՔ «ՆԱԽԱՃԱՇ ԼՈՒՍՆԻ ՏԱԿ»
(կատակերգութիւն երկու արարով) ՊԵՅՐՈՒԹ, 2013
ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

Одна идея о “ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆ SEDRAK ESMERYAN

Добавить комментарий