ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN Սողոմոն Թէհլիրեան Soghomon Tehlirian Тейлирян, Согомон Սողոմոն Թեհլերյան / ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRYAN

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN

ՄԱՅՐԻԿԻՍ․․․

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN

Անհունի աղջամուղջին մէջ յիշատակդ իսկ թառամելու առ յաւէտ կորսուելու գաղափարէն զարհուրած՝ փնտռեցի քեզ․ մա՜յրիմ․․․
Թափառեցայ երկրէ երկիր, անապատէ անապատ։ Անցայ մեր տարաբախտ ու աւերակոյտի վերածուած հայրենիքի քաղաքներն ու գիւղերը, սարերն ու ձորերը․․․
Զուր եղան իմ բոլոր որոնումները․․․Ամէն կողմ ամայութուեան զարհուրելի համայնապատկերը կը ներկայանար իմ աչքերուն։ Չկար այլեւս այն կեանքը, եռ ու զեռը, դաշտերու հմայիչ երեւոյթը, առուակներուն կարկաչիւնը, թռչուններուն ուրախ զուարթ ճռւողիւնը․․․
Բոլո՜րը, բոլո՜րը չքացեր էին արիւնոտ բորենիին գազանային բնազդին բաւարարութիւն տրուած ելլալու հետեւանքով։
Բուերու թագայորութիւնն էր տիրապետողը մեր հայրենիքին մէջ․․․
Ամայութիւն, ամայութի՜ւն ․․․ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN Լուսանկարուած Երզնկա, 1910-ին ։ առաջին կարգ ( ձախէն աջ ) ․ Սողոմոնի եղբօր՝ Միսաքին կինը՝ Հռիփսիմէն (նահատակուած) , աղջիկը՝ Արմենուհին ( աքսորէն ազատուած ) Սողոմոնի մայրը՝ Հնազանդ ( նահատակուած ) եւ եղբայրը՝ Միսաքը, Սողոմոն Թէհլիրեան։ Բ․ կարգ․- հօրեղբօր աղջիկը՝ Բերսաբէ եւ եղբայրը՝ Աւետիս ( երկուքն ալ նահատաուած )։

Եփրատը անհանգիստ ու գժտուած էր ձեր խոշտանգուած դիակներէն իր անսկիզբ ժամանակներու ընթացքը խանգարուած ըլլալուն․․․
Բողոքի ու ըմբոստութեան մռնչիւնները միայն կը լսուէին իր կոհակներէն։ Ան եւս կ՛ողբար իր անցեալը։
Վճիտ ու յստակ ջուրերը ներկուած էին հայ մայրերու, երեխաներու, երիտասարդներու և ծերերու անմեղ արիւնով․․․ Իր հոգին եւս վրդովուած էր հայ ցեղի ահռելի ողբերգութեան կենդանի վկան ու ականատեսը ըլլալուն համար․․․
Հեռաւոր եւ անծանօթը անապատները անողոք ու լուռ էին։ Կարծես յագեցած լինէին իրենց հրկիզեալ աւազներուն վրայ ցրուած ոսկերոտիքէն․․․
Դառնօրեն ողբացի ի տես մարդկային պատմութեան մէջ տեղի ունեցած արհաւիրքներու այս ամենազարհուրելիէն։ Տատանումներու ունեցայ մինչեւ յուսահատութեան անփառունակ ոլորտները տանող, բայց կսկիծը, ողբերգութեան ահաւոր տեսարանները ցնցեցին իմ հոգին, ուժ ու կլորով ներշնչեցին ինծի՝ ապրելու կեանքը շարունակելու մարմաջը պարտադրելով։ Թերեւս անոր համար, որ առիթը ունենամ քեզի հանդէպ, մայր իմ, եւ քեզ հետ բիւրաւոր հայ մայրերու, որոնք խաչուեցան հայ գողգոթային վրայ, իմ՝ հայ զաւկի՝ տարրական պարտականութիւնս կատարելու․․․ որևէ ձեւով յաւերժացնելու յիշատակը թափուած արեան գետերու․․․
Դուն, մա՜յրիմ, որ կեանք տուիր ինծի, արտասուաթոր աչքերով համբուրեցիր զիս դառն զգացումով մը լեցուած, թէ այլեւս պիտի չտեսնուէինք․ իրաւունք ունէիր։ Ճիշդ էր նոյնպէս քու հառաչանքը եւ արդարացի՝ «հազիւ մեծցուցի, թեւ առիր ու կը թռիս կը հեռանաս ինձմէ»։ Այո՛, հեռացայ։ Այլեւս քեզ յաւիտեանս չտեսնելու պայմանով, բայց քու տւած կաթը , քու ունեցած մայրական անսահման գուրգուրանքը այնպիսի խոր արմատներ ձգած էին իմ հոգիի ալքերուն մեջ, որ մոռնայ այդ բոլորը, անտարբեր մնալ մանաւանդ քու եղերական վախճանէն յետոյ, կարելի չէր․․․

Այսօր, խորհրդապաշտ հաւատացեալի մը նման, ուզեցի «Անծանօթ մօր անյայտ գերեզման» մը կառուցանել իմ հոգիիս մէջ ու երկիւղածօրէն երկրպագել այդ կոթողին առջեւ, որպէս հնամենի բագինի մը․․․ Ուզեցի, իմ հեթանոս աղօթքի խորհուրդները, միացուցած խունկի ու կնդրուկի բուրումնաւէտ ծուխին, ցրուել ու հասցնել անհունի առեղծուածային բարձունքները, որպէս իմ սրտագին պաշտամունքը քու անմոռանալի յիշատակին, մա՜յրիմ, ինչպէս նաեւ հազար — հազար ողջակիզուածներուն, որոնք նահատակուեցան մեր ցեղի ազատագրուեան պայքարին համար ու աճէացան առ յաւետ՝ առանց հողակոյտի, առանց շիրիմի․․․

ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ, ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ
ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ
Սողոմոն Թեհլիրյան
ՎԱՐԴԱՆ ՀՈՎՀԱՆՆԻՍՅԱՆ (ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ)
ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ

Հայագիտարան Հայաստան
Օգնություն կայքին Patreon
Օգնություն կայքին Donate

13 идей о “ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ SOGHOMON TEHLIRIAN

  1. Anna Vart

    Չը մոռանալու համար հարկավոր է, որ նման պատմական արժեքավոր նյութերը՝ մեր ազգային հերոսների մասին, մտցվեն ներկայիս հայոց պատմության դասագրքերի ծրագրերի մեջ:

    Խորհրդային տարիներին Ս, Թեհլերյանի մասին կարդում էինք գաղտնի ու փոխանցում՝ մեկս մյուսին, անշուշտ, միայն վստահելի մարդկանց:

Добавить комментарий